Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը` «Նու Քամփ»-ի Մէջ
30 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ: Սկզբունքով, նախքան անոնց աւարտական հանգրուան հասնիլը, Ռէալ Մատրիտ ուզած էր, որ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտը ըլլայ «Քոփա Տել Ռեյես» բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումը հիւրընկալողը: Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը տարեշրջանին սկիզբը համաձայն գտնուած էր ատոր: Սակայն այժմ, նկատի ունենալով, որ աւարտականին իրարու...



