Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան եւ հովանաւորութեամբ «Պանք-Մետ» դրամատան երէկ` կիրակի 22 մարտին Տըպպայէի «Լա Մարինա» շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ պատանիներու (7-17 տարեկան) 5 քմ վազքի մրցում մը:
Նշենք, որ տեղի ունեցան վազքի այլ մրցումներ ալ, ինչպէս` 2 քմ (7-10 տարեկան) եւ 3 քմ (11-14 տարեկան):
Վազքի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ վազողներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր վարժարաններ եւ միութիւններ:
Մասնակցողներուն կարգին էին նաեւ հայկական վարժարաններու 350 երկսեռ աշակերտներ, որոնք մասնակցեցան 7-17 տարեկան 5 քմ վազքի այս մրցումին:
Անոնք այս մարաթոնին հագած էին թի-շըրթներ, որոնց վրայ անգլերէնով գրուած էր «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը: Թի-շըրթներուն վրայ պատկերուած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշը` անմոռուկը:
Նշենք, որ այս թի-շըրթները տրամադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ:
Յայտնենք նաեւ, որ վազքի այս մրցումին մրցանակներ չտրուեցան առաջին դիրքը գրաւողներուն, այլ անիկա եղաւ պարզապէս վազքի մրցում մը` «Ռան ֆոր ֆան» անունին տակ: