Տարեշրջան մը միայն Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք, Հարթց յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ բարձրագոյն դասակարգին, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Հարթց 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆալքըրքին, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 23 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Հիպեռնիընին վրայ:
Այսպիսով, ցարդ իր կատարած 29 մրցումներուն ընթացքին Հարթց կրած է միայն պարտութիւն մը:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Հարթց 33 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ, երբ անկէ 15 կէտ խլուեցաւ: