Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Համպուրկ յայտարարեց, թէ պաշտօնանկ ըրած է իր մարզիչը` Ճօ Զինպաուըր:
Այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած արդիւնքները այդքան ալ հաշտ աչքով չդիտուեցան ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ, ինչ որ առիթ տուին եւ մղեցին, որ անոնք պաշտօնանկ ընեն իրենց մարզիչը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը ակումբին թեքնիք տնօրէն Փիթըր Քնայեպել պիտի ստանձնէ ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Նախորդ շաբաթավերջին Հերթա Պերլինէն 1-0 արդիւնքով պարտուած Համպուրկ այժմ կը գտնուի 16-րդ եւ վտանգաւոր դիրքին վրայ: