Իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին հոլանտացի 63 տարեկան մարզիչ Լուիս Վան Կաալ ըսաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտը իրեն համար պիտի ըլլայ իր վերջին ակումբը, որովհետեւ երբ հեռանայ «Օլտ Թրեֆորտ»-էն, վերջ պիտի դնէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
«Կը կարծեմ, որ այլեւս ժամանակը հասած է քիչ մը ուշադրութիւն դարձնելու զաւակներուս, թոռնիկներուս եւ անշուշտ կնոջս: Անոնք ատոր արժանի են: Այս տարեշրջանին աւարտին մնացած է շատ քիչ ժամանակ եւ անպայման իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ խումբին համար, յառաջիկայ տարեշրջանին գծով «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տոմս մը ապահովելու», ըսաւ հոլանտացի ֆութպոլի մասնագէտը: