Մարզական

Սամպօ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արեն Անտոնեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին հայ մարզիկները կը շարունակեն մետալներու տիրանալ: Երէկ` կիրակի, 57 քկ դասակարգին մէջ Արեն Անտոնեան հանդիսանալով 3-րդ, տիրացաւ պրոնզէ մետալին: Այսպիսի յաջողութիւն ձեռք ձգեց նաեւ Վահէ Օթարեան (52 քկ), որ իր կարգին տիրացաւ պրոնզ մետալին: Ինչպէս ծանօթ է, մրցաշարքին առաջին օրը 90 քկ դասակարգին մէջ աշխարհի բաժակակիր հանդիսացած էր Աշոտ Դանիէլեան:  

Կռփամարտ. Վանես Մարտիրոսեան Կէտերով Պարտուեցաւ Չարլոյէն

Նախորդ շաբաթավերջին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ կռփամարտի միջին կարգի (մինչեւ 69,855 քկ) վարկանշային մենամարտը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Միացեալ Նահանգները ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Վանես Մարտիրոսեան եւ ամերիկացի Ժերմել Չարլօ: Տեղի ունեցած 10 ռաունտերէն ետք իրաւարարները յաղթանակը տուին Չարլոյին` 97-93, 96-94 եւ 96-94 արդիւնքով: Նշենք, որ ծնունդով աբովեանցի Մարտիրոսեան իր այս մենամարտը կատարեց Հայաստանի դրօշակին գոյներով:  ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Շանվիլ Յաղթեց Սաժեսին, Իսկ Հուփս` Թատամոնին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Յաղթեց Սաժեսին, Իսկ Հուփս` Թատամոնին

Շանվիլ - Սաժես մրցումէն Հուփս - Թատամոն մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունեցաւ Շանվիլ - Սաժես մրցումը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Շանվիլի յաղթանակով, 114-113 արդիւնքով (23-27, 50-46, 79-78 եւ 114-113): Սաժեսէն Թերել Սթոկլին նշանակեց 45 կէտ, մինչ անոր խմբակից Էլի Սթեֆան` 29 կէտ: Իսկ...

«Ֆորմիւլա-1». «Ֆեռարի»-ի Վարորդ Վեթել Յաղթական` Մալեզիոյ Մէջ

Սեպասթիան Վեթել (կեդրոնը) Երէկ` կիրակի, 29 մարտին, Սեփանկի միջազգային վազքուղիին (Քուալա Լամփուր, Մալեզիա) վրայ տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի կրան փրին: Անիկա աւարտեցաւ չորս անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Սեպասթիան Վեթելի («Ֆեռարի»-ի) յաղթանակով: Ան հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով իր արհեստավարժ ասպարէզին 40-րդ յաղթանակը: Արձանագրուած այս յաղթանակը «Ֆորմիւլա-1»-ի իտալական խումբին համար եղաւ երկար ատենէ ի վեր սպասուած յաղթանակ մը` նկատի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ` 80-62

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Մութթահետը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով, որ 80-62 արդիւնքով (22-10, 19-13, 20-19 եւ 19-20) պարտութեան մատնեց հիւսիսային Լիբանանի խումբը: ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերը նշանակեցին հետեւեալ մարզիկները. Նաթալի Սվաճեան (19 կէտ), Այտա Պախոս (13), Սանտրա Նաժըմ (11),...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Մութթահետ` 85-84

Երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը կատարեց Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի իր վերջին մրցումը, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը: Մրցումը եղաւ բաւական տաք եւ հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ կէտերու տարբերութիւնը ընդհանրապէս եղաւ չնչին: Սակայն դաշտին տէրը` ՀՄԸՄ, եղաւ մրցումին վերջնական յաղթականը, երբ կէտի մը տարբերութեամբ 85-84 արդիւնքով յաղթեց...

Եուրօ-2016. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Ալպանիա

Երէկ` ուրբաթ, 27 մարտին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը եւ Հայաստանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը մեկնեցան Ալպանիա: Վաղը` կիրակի, 29 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի մրցի Ալպանիոյ դէմ, Էլպասան քաղաքին մէջ, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին: Հայաստանի ազգային հաւաքականը Ալպանիա մեկնեցաւ հետեւեալ կազմով. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Ռոման Պերեզովսքի (Տինամօ Մոսկուա, Ռուսիա), Գէորգ Գասպարով (Միքա) եւ Արսէն Բեգլարեան (Ուլիս): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.-...

Սամպօ. Աշոտ Դանիէլեան Տիրացաւ Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Երէկ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) սկսաւ Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որուն այս տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 35 երկիրներու շուրջ 300 մարզիկներ: «Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ մրցումներուն առաջին օրը Աշոտ Դանիէլեան 90 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Իսկ Վահէ Օթարեան (52 քկ) տիրացաւ արծաթ մետալին:  

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Հանդիսացաւ Երրորդ` Մետալներու Դասաւորման Մէջ

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար անդրանիկ ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան աւարտական վերջին ճակատումները: Ազատ ոճի ըմբշամարտի այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 27 երկիրներու 135 ըմբիշներ: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը` 7 մարզիկներով, որոնք իրենց գլխաւոր մարզիչ ունէին Արայիկ Պաղտատեանը: Պէտք է նշել, որ բարձր մակարդակի այս ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն նորամուտը...

ՖԱՖ. «Ալպանական Մամուլին Տարածած Լուրերը Կեղծ Են»

Հայաստանի հաւաքականի համակիրներուն` «Առաջին հայկական ճակատ» (ՖԱՖ) շարժումը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ ալպանական մամուլին տարածած այն լուրերը, իբրեւ թէ մեր ակումբը կապի մէջ մտած է սերպ համակիրներուն հետ, անճիշդ է: Մենք կու գանք այդ լուրերը հերքելու, որովհետեւ անոնք շինծու են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ»: Նշենք, որ ՖԱՖ մեկնած է Ալպանիա, ուր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կիրակի,...

Եուրօ-2016. Ալպանիա – Հայաստան Մրցումին Իրաւարարը` Սպանացի

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ սպանացի Տաւիտ Ֆեռնանտես Պորպալան նշանակուեցաւ Ալպանիա - Հայաստան մրցումին կեդրոնի իրաւարարը: Այս մրցումը կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ եւ տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 29 մարտին, Էլպասան քաղաքի (Ալպանիա) «Էլպասան-Արենա» մարզադաշտին վրայ: Անոր օգնականները (կողմի իրաւարար) պիտի ըլլան սպանացիներ Ռաուլ Քապաներօ Մարթինես եւ Ռոպերթօ Տիաս Փերես Տել Փալոմար:...

Ճատրակ.  27 Մարտէն 4 Ապրիլ` Մոսկուայի «Այրոֆլոթ Օփըն»-ի Միջազգային Մրցաշարքը

Ճատրակ. 27 Մարտէն 4 Ապրիլ` Մոսկուայի «Այրոֆլոթ Օփըն»-ի Միջազգային Մրցաշարքը

Էլինա Դանիէլեան Հայրենի կրանտմասթըրներ Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Յովհաննէս Կապուզեան, Էլինա Դանիէլեան, Սերկէյ Գրիգորեան եւ շարք մը այլ հայ ճատրակ խաղացողներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 27 մարտէն 4 ապրիլ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք «Այրոֆլոթ օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am: Մրցումները պիտի սկսին Երեւանի ժամանակացոյցով` ժամը 16:00-ին:

Այս Տարեշրջանին Աւարտին. Չաւի Պիտի Լքէ Պարսելոնան Եւ Պիտի Մեկնի Քաթար

Sport.es կայքին համաձայն, Պարսելոնայի միջնապահ Չաւի այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր ակումբը եւ պիտի մեկնի Քաթար: Քաթարի մէջ ան մաս պիտի կազմէ Սատ ֆութպոլի ակումբին` տարեկան ստանալով 10 միլիոն եւրօ: 35 տարեկան Չաւի Պարսելոնայի ֆութպոլի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ մրցումներու մասնակցած ֆութպոլիստն է: Ան 16 տարեշրջան մաս կազմած է Պարսելոնայի Ա. խումբին: Իբրեւ ֆութպոլիստ մրցումներու մասնակցելէ բացի, ան միաժամանակ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Մութթահետի դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար չորեքշաբթի, 25 մարտին: Սակայն անիկա յետաձգուեցաւ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:45-ին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 27 մարտին, ՀՄԸՄ կը կատարէ դարձի իր վերջին մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Թրիփոլիի Մութթահետը: Նշենք, որ մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:50-ին: Բ. հանգրուանին իր կատարած հինգ մրցումներէն ՀՄԸՄ արձանագրեց միայն յաղթանակ մը` կրելով չորս պարտութիւն: Սակայն հակառակ այս արդիւնքին ՀՄԸՄ-ի...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Վոլոդիա Ֆրանգուլեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Լեհաստանի մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ազատ ոճի առաջին ախոյեանութիւնը: 61 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Վոլոդիա Ֆրանկուլեան իր արձանագրած յաջորդական յաղթանակներուն շնորհիւ հանդիսացաւ ախոյեան: Մինչեւ աւարտականի իր տոմսը ապահովելը Ֆրանգուլեան արձանագրեց շատ կարեւոր յաղթանակներ, երբ քառորդ աւարտականին 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցը` Ահմետնապի Կվարզաթալովը, իսկ կիսաւարտականին 9-7 արդիւնքով Թուրքիան ներկայացնող Ռեճեփ Թոփալը: ArmSport.am աւելցուց,...

Կռփամարտ. Վանես Մարտիրոսեան Ռինկ Պիտի Բարձրանայ Հայաստանի Դրօշակով

28 մարտին Միացեալ Նահանգները ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Վանես Մարտիրոսեան Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) մենամարտ մը պիտի կատարէ ամերիկացի Ժերմել Չարլոյի դէմ` վարկանշային կէտեր ապահովելու համար: Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Մարտիրոսեան ըսաւ հետեւեալը. «Այս շաբաթ ցոյց պիտի տամ իմ հայկական հպարտութիւնս: Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն... Նշենք, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին արձանագրած է 35 յաղթանակներ, որոնցմէ 21-ը` նաք-աութով: Իսկ...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու-Թաու Լու.  2015-ի Բաժակի Մրցաշարք` Նուիրուած ՀՄԸՄ Անթիլիասի Հիմնադրութեան 45-Ամեակին

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու-Թաու Լու. 2015-ի Բաժակի Մրցաշարք` Նուիրուած ՀՄԸՄ Անթիլիասի Հիմնադրութեան 45-Ամեակին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, կիրակի, 22 մարտ 2015-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Քոնկ ֆու-ուու շու-թաու լուի 2015-ի բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ հետեւեալ եօթը ակումբներուն. Պել Հորիզոն, Անթունիէ, Լուէյզի, Սանթրալ, Այնճարի սեւ գօտի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Շապիպէ: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցաշարքը նուիրուած էր ՀՄԸՄ Անթիլիասի հիմնադրութեան 45-ամեակին եւ կը վայելէր ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութիւնը:...

Ռուբէն Հայրապետեան Պաշտօնապէս Ներկայացուց Ռուսլան Քորեանը Եւ Կայել Անտոնեանը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախանցեալ օր կատարած բաց փորձերէն առաջ, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնին մէջ, ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան պաշտօնապէս ներկայացուց հաւաքականին երկու նորեկները` Ռուսլան Քորեանը եւ Կայել Անտոնեանը: Հայրապետեան իր ուրախութիւնը յայտնեց նորեկներուն ազգային հաւաքականին միանալուն համար եւ անոնց նուիրեց մարզաշապիկներ: Անտոնեան ստացաւ թիւ 2 շապիկը, իսկ Քորեան` թիւ 9 շապիկը: Անոնք երկուքը հաւաքականին միանալու առնչութեամբ...

Եուրօ-2016. Ալպանիոյ Մէջ Անվտանգութեան Միջոցառումներու Պիտի Ձեռնարկեն

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, կիրակի, 29 մարտին, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Ալպանիոյ: Երկրին ոստիկանութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով նշեց, որ մրցումին օրը անվտանգութեան յատուկ միջոցառումներու պիտի ձեռնարկէ: Անիկա կոչ ուղղեց ֆութպոլասէրներուն մրցումին ազդանշանը տրուելէն 2 ժամ առաջ ուղղուելու Էլպասան քաղաքին մէջ կատարուելիք այս մրցումին: Դաշտին շրջակայ փողոցները պիտի ըլլան...

Page 1241 of 1274 1 … 1,240 1,241 1,242 … 1,274

Արխիւներ