Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախանցեալ օր կատարած բաց փորձերէն առաջ, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնին մէջ, ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան պաշտօնապէս ներկայացուց հաւաքականին երկու նորեկները` Ռուսլան Քորեանը եւ Կայել Անտոնեանը:
Հայրապետեան իր ուրախութիւնը յայտնեց նորեկներուն ազգային հաւաքականին միանալուն համար եւ անոնց նուիրեց մարզաշապիկներ: Անտոնեան ստացաւ թիւ 2 շապիկը, իսկ Քորեան` թիւ 9 շապիկը:
Անոնք երկուքը հաւաքականին միանալու առնչութեամբ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին:
Անտոնեան ըսաւ. «Ուրախ եմ հոս գտնուելուս համար: Հպարտութիւն է ազգային հաւաքականին միանալը: Յոյսով եմ, որ շատ լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրենք»:
Իսկ Քորեան ըսաւ. «Ինծի համար հաճելի է եւ պատիւ հանդէս գալ հաւաքականին հետ: Յոյսով եմ, որ կ՛արդարացնեմ բոլորին յոյսերը»:
Ապա ֆետերասիոնին նախագահը յայտարարեց, որ յաջորդ մրցումէն միայն յաղթանակ կ՛ակնկալէ:
Ան աւելցուց, որ միակ ֆութպոլիստը, որ մօտիկ ապագային հաւաքականին պիտի միանայ, այդ ալ Դաւիթ Եուրչենքոն է: