28 մարտին Միացեալ Նահանգները ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Վանես Մարտիրոսեան Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) մենամարտ մը պիտի կատարէ ամերիկացի Ժերմել Չարլոյի դէմ` վարկանշային կէտեր ապահովելու համար:
Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Մարտիրոսեան ըսաւ հետեւեալը. «Այս շաբաթ ցոյց պիտի տամ իմ հայկական հպարտութիւնս: Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն…
Նշենք, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին արձանագրած է 35 յաղթանակներ, որոնցմէ 21-ը` նաք-աութով: Իսկ անոր մրցակիցը` 25 յաղթանակ (11-ը` նաք-աութով):