Sport.es կայքին համաձայն, Պարսելոնայի միջնապահ Չաւի այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր ակումբը եւ պիտի մեկնի Քաթար: Քաթարի մէջ ան մաս պիտի կազմէ Սատ ֆութպոլի ակումբին` տարեկան ստանալով 10 միլիոն եւրօ:
35 տարեկան Չաւի Պարսելոնայի ֆութպոլի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ մրցումներու մասնակցած ֆութպոլիստն է: Ան 16 տարեշրջան մաս կազմած է Պարսելոնայի Ա. խումբին:
Իբրեւ ֆութպոլիստ մրցումներու մասնակցելէ բացի, ան միաժամանակ պիտի աշխատի տեղւոյն ֆութպոլի ակադեմիային հետ, որ ֆութպոլիստներ կը պատրաստէ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին մասնակցելու համար: