Երէկ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) սկսաւ Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որուն այս տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 35 երկիրներու շուրջ 300 մարզիկներ:
«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ մրցումներուն առաջին օրը Աշոտ Դանիէլեան 90 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Իսկ Վահէ Օթարեան (52 քկ) տիրացաւ արծաթ մետալին: