Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին հայ մարզիկները կը շարունակեն մետալներու տիրանալ:
Երէկ` կիրակի, 57 քկ դասակարգին մէջ Արեն Անտոնեան հանդիսանալով 3-րդ, տիրացաւ պրոնզէ մետալին:
Այսպիսի յաջողութիւն ձեռք ձգեց նաեւ Վահէ Օթարեան (52 քկ), որ իր կարգին տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցաշարքին առաջին օրը 90 քկ դասակարգին մէջ աշխարհի բաժակակիր հանդիսացած էր Աշոտ Դանիէլեան: