Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, կիրակի, 22 մարտ 2015-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Քոնկ ֆու-ուու շու-թաու լուի 2015-ի բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ հետեւեալ եօթը ակումբներուն. Պել Հորիզոն, Անթունիէ, Լուէյզի, Սանթրալ, Այնճարի սեւ գօտի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Շապիպէ:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցաշարքը նուիրուած էր ՀՄԸՄ Անթիլիասի հիմնադրութեան 45-ամեակին եւ կը վայելէր ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութիւնը:
Սոյն մրցաշարքին ներկայ էին Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին անդամները, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային եւ Անթիլիասի վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնակցող մարզիկներուն ծնողներն ու մեծ թիւով հանդիսատեսներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք կատարուեցաւ մրցաշարքին բացումը, ապա մարզիկները, իրաւարարներուն հսկողութեամբ, հերթաբար կատարեցին իրենց վստահուած մարզաձեւերը:
Մրցաշարքը անցաւ մարզական շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Այստեղ պէտք է նշել, որ այս մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր ՀՄԸՄ-ական միջազգային իրաւարար, աշխարհի ախոյեան Աւետիս Սերոբեան:
Իսկ աւելի փոքր դասակարգերու պարագային, իրաւարարի պաշտօնը ստանձնեցին ՀՄԸՄ-ի այլ մարզիկներ:
Մրցաշարքին աւարտին տեղի ունեցաւ մետալներու եւ բաժակի տուչութիւն, ինչպէս նաեւ խօսքերու եւ օրուան պատգամի փոխանցում` ֆետերասիոնի նախագահին եւ Անթիլիասի վարչութեան կողմէ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները 16 տարեկան եւ վեր դասակարգերուն մէջ տիրացան 13 մետալներու, բնականաբար տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ, հետեւեալ ձեւով.
Վիգէն Տեմիրճեան (2 ոսկի), Յակոբ Գայապալեան (2 ոսկի), Փաթիլ Եագուպեան (2 արծաթ), Պարպարա Ռասի (2 ոսկի), Հիամ Ժարուժ (1 ոսկի, 1 արծաթ), Աւօ Մանճեան (1 ոսկի, 1 արծաթ): Իսկ 13-15 տարեկան դասակարգին մէջ Ռաշատ Պենթլի ՀՄԸՄ Անթիլիասին ապահովեց ոսկի մետալ մը:
Վերջնական դասաւորումը պարզեց հետեւեալ պատկերը.
1.- Անթունիէ` 174 կէտ, 2.- Պել Հորիզոն` 123 կէտ, 3.- Այնճարի Սեւ գօտիներ` 120 կէտ:
Նշենք, որ Լիբանանի ախոյեանութեան թաու լուի վերջին մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Այնճարի մէջ` 17 մայիսին: