Լեհաստանի մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ազատ ոճի առաջին ախոյեանութիւնը:
61 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Վոլոդիա Ֆրանկուլեան իր արձանագրած յաջորդական յաղթանակներուն շնորհիւ հանդիսացաւ ախոյեան:
Մինչեւ աւարտականի իր տոմսը ապահովելը Ֆրանգուլեան արձանագրեց շատ կարեւոր յաղթանակներ, երբ քառորդ աւարտականին 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցը` Ահմետնապի Կվարզաթալովը, իսկ կիսաւարտականին 9-7 արդիւնքով Թուրքիան ներկայացնող Ռեճեփ Թոփալը:
ArmSport.am աւելցուց, որ հայ ըմբիշը աւարտականին 8-3 արդիւնքով յաղթեց Անտրէյ Սվիրիթի (Ուքրանիա):
Այսպիսով, Ֆրանգուլեան հանդիսացաւ 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի անդրանիկ ախոյեանութեան առաջին հայ ախոյեանը:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչները` Իշխան Պօղոսեան (70 քկ) եւ Վահէ Թամրազեան (86 քկ), որեւէ մետալ չկրցան ապահովել, թէեւ Պօղոսեան բաւական մօտ էր պրոնզ մետալին տիրանալու: