Հայաստանի հաւաքականի համակիրներուն` «Առաջին հայկական ճակատ» (ՖԱՖ) շարժումը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ ալպանական մամուլին տարածած այն լուրերը, իբրեւ թէ մեր ակումբը կապի մէջ մտած է սերպ համակիրներուն հետ, անճիշդ է: Մենք կու գանք այդ լուրերը հերքելու, որովհետեւ անոնք շինծու են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ»:
Նշենք, որ ՖԱՖ մեկնած է Ալպանիա, ուր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կիրակի, 29 մարտին, Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի ճակատի դաշտին տիրոջ դէմ: