Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, կիրակի, 29 մարտին, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Ալպանիոյ:
Երկրին ոստիկանութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով նշեց, որ մրցումին օրը անվտանգութեան յատուկ միջոցառումներու պիտի ձեռնարկէ:
Անիկա կոչ ուղղեց ֆութպոլասէրներուն մրցումին ազդանշանը տրուելէն 2 ժամ առաջ ուղղուելու Էլպասան քաղաքին մէջ կատարուելիք այս մրցումին: Դաշտին շրջակայ փողոցները պիտի ըլլան փակ, ինչպէս նաեւ փոքրերուն առանց տոմսի մարզադաշտ մուտքը պիտի արգիլուի: