Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Մութթահետի դէմ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար չորեքշաբթի, 25 մարտին:
Սակայն անիկա յետաձգուեցաւ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:45-ին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի հնգեակը: