Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Այրոֆլոթ օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, Ա. մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերող Տիգրան Լ. Պետրոսեան եւ Յովհաննէս Կապուզեան ապահոված են 1,5-ական կէտ, կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am:
Բ. մրցաշարքին մասնակցող Էլինա Դանիէլեան, Տիգրան Քոթանճեան եւ Վահէ Պաղտասարեան, որոնք ապահոված են 2,5-ական կէտ, երկու յառաջատարներէն ետ կը մնան կէս կէտով:
Իսկ Գ. մրցաշարքին մասնակցող Արթուր Ղարակէօզեան 3 կէտով կը գլխաւորէ աղիւսակը: