Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար ստացաւ «Սամպա Կոլտ» մրցանակը` իբրեւ Եւրոպայի մէջ հանդէս եկող լաւագոյն պրազիլցի ֆութպոլիստը, կը յայտնէ «ԱՍ» կայքը:
23 տարեկան յառաջապահը այս տիտղոսին համար մղուող պայքարին շրջանցեց Միրանտան (Աթլեթիքօ Մատրիտ) եւ Ֆելիփէ Մելոն (Կալաթասարայ):
Իր տուած այս լուրը Totalfootball.am կայքը կ՛եզրափակէ նշելով, որ վերջին երեք տարիներուն այս մրցանակը կը ստանար ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Թիակօ Սիլվա:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, «Լը Փարիզիեն» ամսագիրին համաձայն, 2016-ին Նէյմար պիտի ըլլայ Փարիզ Սեն Ժերմենի թիւ 1 նպատակը` նկատի ունենալով, որ նոյն այդ տարին կ՛աւարտի Զլաթան Իպրահովիչի պայմանագրութիւնը` Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին հետ: