Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Թ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը եղաւ Ալպանիոյ:
Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, հայրենի կազմը միայն արձանագրած էր հաւասարութիւն մը եւ կրած 3 պարտութիւն, բնականաբար մնալով առանց յաղթանակի:

Մրցումին 4-րդ վայրկեանին Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան բացաւ մրցումին հաշիւը եւ Հայաստան Ա. կիսախաղը աւարտեց 1-0 արդիւնքով` գերազանցելով իր մրցակիցը:
Սակայն 70-րդ վայրկեանին Հայաստանի մարզիկներէն Յովհաննէս Համբարձումեանին ստացած կարմիր քարտը (երկրորդ դեղին քարտէն ետք) քիչ մը խանգարեց հաշիւները, եւ մրցակից կազմը մարզիկի մը առաւելութենէն օգտուելով սկսաւ ճնշել հայրենի կազմին վրայ:
77-րդ վայրկեանին Ալպանիա նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ` Մերկին Մաւրաժի: Հինգ վայրկեան ետք Ալպանիա նշանակեց այլ կոլ մըն ալ` շնորհիւ` Սխելզեն Կաշիի, տանելով վերջնական յաղթանակը, 2-1 արդիւնքով:
Այսպիսով, Ալպանիա ապահովեց մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը` 2 յաղթանակէ, 1 հաւասարութենէ եւ 1 պարտութենէ ետք:
Մրցումէն ետք իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ ըսաւ, որ տրուած կարմիր քարտը կասկածելի էր: Առաջին դեղին քարտը ընդհանրապէս չկար, մինչ երկրորդը` կասկածելի էր:
Ան աւելցուց, որ Ալպանիա մասամբ յաղթեց նաեւ այն պատճառով, որովհետեւ կը խաղար 12 ֆութպոլիստներով, եթէ նկատի առնուի նաեւ անոր համակիրներուն բուռն աջակցութիւնը:
Մէկ կողմ դրած մրցումին արդիւնքը եւ Հայաստանի կրած այս պարտութիւնը, ուշագրաւ եղաւ Հայաստանի համակիրներուն համար յատկացուած թրիպիւնին վրայ զետեղուած պաստառը` ՖԱՖ-ին կողմէ, որուն վրայ գրուած էր` «Երբե՛ք չմոռնալ 1915-ը»: