Նախորդ շաբաթավերջին իր գումարած ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Սաժես – ՀՄԸՄ մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 31 մարտին:
Սակայն երէկ յետմիջօրէին ի յայտ եկաւ, որ այդ յետաձգուած մրցումը դարձեալ պիտի յետաձգուի: Այժմ, նոր յայտագիրին հիմամբ, անիկա տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 2 ապրիլին:


