Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, հայրենի ըմբիշները տիրացան երկու մետալի, կը յայտնէ ArmSport.am:
2014-ի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Սարգիս Քոչարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր 80 քկ դասակարգի մրցումներուն, յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան: Սակայն ան պարտուելով իր վրացի մրցակիցէն` հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
Իսկ 2014-ին բանակայիններու աշխարհի ախոյեան Կարապետ Չալեան (75 քկ), 3-րդ դիրքի մրցումին յաղթելով իր ռուս մրցակիցին` տիրացաւ պրոնզ մետալին: