Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի սամպոյի բաժակի մրցաշարքին, ախոյեանի տիտղոսին տիրացաւ Հայաստանը ներկայացնող Աշոտ Դանիէլեան:
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին, երբ կը հնչէր Հայաստանի պետական քայլերգը, 3-րդ դիրքը գրաւած ազրպէյճանցի Պախթիար Ապպասով, անարգալից եւ անվայել վերաբերմունք ցուցաբերած է` ինքզինք նստած դիրքի մէջ դնելով: