Ինչպէս ծանօթ է, Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Այրոֆլոթ օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Անոր Ա. մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, հայրենի կրանտմասթըրներ Տիգրան Լ. Պետրոսեան եւ Յովհաննէս Կապուզեան ապահոված են 2,5-ական կէտ:
Բ. մրցաշարքին ծիրին մէջ, կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, միջազգային վարպետներ Վահէ Պաղտասարեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան, որոնք ապահոված են 3-ական կէտ, կէս կէտով միայն ետ կը մնան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող երեք խաղացողներէն:
Վերջապէս, Գ. մրցաշարքին ծիրին մէջ, Արթուր Գարակէօզեան 4 կէտով երկու յառաջատարներէն մէկն է: