Կազմակերպութեամբ Մոն լա Սալ ակումբին (Այն Սաատէ), հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Տիւնլոփ»-ի 6-13 ապրիլին ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի պիտի ունենայ 10, 12, 14 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերու երկսեռ մրցաշարք մը:
Մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 ապրիլին` ներկայութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչներուն:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ այս մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքողներուն համար սակ ճշդուած է 30 եւ 40 ամերիկեան տոլար (յաջորդաբար` անհատական եւ զոյգի մրցումներուն համար): Ասիկա կը վերաբերի այն մարզիկներուն, որոնք մաս կը կազմեն ակումբներու եւ ստորագրած են ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ:
Իսկ այն մարզիկները, որոնք չեն ստորագրած ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ, անոնք պարտին վճարել` 40 (անհատական) եւ 50 (զոյգի) ամերիկեան տոլար:
Մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն որեւէ մէկուն. 01-888195, 01-873108 եւ 01-873109: