
Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Ժիպէյլի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 31-րդ գարնանային ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի 2015-ի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ:
Այս ռելիին (264,15 քմ) իրենց մասնակցութիւնը բերած 26 ինքնաշարժներէն 17-ն յաջողեցան զայն ամբողջացնելով հասնիլ ժամանման գիծ:
Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ կը վարէր «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-10» ինքնաշարժը, տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելով 59′ 28″ 6 արդիւնք մը:
1 ժամ 01′ 36″ 5 արդիւնք մը արձանագրելով` Էտի Ապու Քարամ – Ժոզեֆ Քմետ զոյգը («Էվօ-10») հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Ժոզեֆ Հընտի – Ռոնի Մարուն զոյգը («Ֆորտ Ֆիեսթա Ար. 5»)` արձանագրելով 1 ժամ 01′ 37″ 3 արդիւնք մը:
Այս ռելիին աւարտին, որուն ժամանման գիծը եղաւ «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ը, տեղի ունեցաւ վարորդներուն մրցանակաբաշխութիւնը, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն կողմէ: