Աթլանթա Հոքսի մաս կազմող Քայլ Քորվըր Միլուոքի Պաքսի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (101-88) 65 երկվայրկեանի ընթացքին նշանակեց 11 կէտ:
34 տարեկան ամերիկացին մինչեւ 34-րդ վայրկեանը ոչ մէկ կէտ նշանակեց: Ան այդ 11 կէտը նշանակեց միայն այս մրցումին 65 երկվայրկեանին ընթացքին:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին, Քորվըրէն արագ 11 կէտ նշանակած են միայն Տեմիան Լիլարտ (Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, 39 երկվայրկեան) եւ Քլայ Լոյուր (Թորոնթօ Ռեփթըրզ, 40 երկվայրկեան):