18-29 ապրիլին Ծաղկաձորի մէջ Հայաստան կը հիւրընկալէ աշխարհի ճատրակի տղոց խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը երկիրներու հաւաքականները:
Անոնք են` Հայաստան, Ռուսիա, Ուքրանիա, Չինաստան, Քուպա, Հունգարիա, Միացեալ Նահանգներ, Հնդկաստան, Եգիպտոս եւ Իսրայէլ:
Ինչպէս ծանօթ է, Իսրայէլ փոխարինեց Ազրպէյճանը, որ չուզեց այս ախոյեանութեան մասնակցիլ:
Երէկ յստակացան այս ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականներուն կազմերը:
Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի հետեւեալ կազմով. Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու կազմին մէջ է Վարուժան Յակոբեան: