Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը այս տարուան ընթացքին պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ` 11 եւ 13 օգոստոսին Երեւանի մէջ մրցելով Սլովաքիոյ դէմ, իսկ 16 եւ 18 սեպտեմբերին` Մոլտովայի դէմ:
ArmSport.am երէկ տեղեկացուց, որ վերոնշեալ 4 մրցումներէն բացի, 2015 տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան յաւելեալ 4 մրցումներ ալ` հետեւեալ ձեւով.
26 եւ 28 ապրիլին Հայաստան կը մրցի Ուզպեքիստանի դէմ, իսկ 26 եւ 28 մայիսին` Լիթուանիոյ դէմ: