Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Տէյլի սթար» կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ ակումբին պատասխանատուներուն յայտնած է, որ կ՛ուզէ ծախել խումբին յառաջապահը` Ռոպին Վան Փերսին:
Totalfootball.am կայքը կ՛աւելցնէ, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի պատրաստուի ծախելու հոլանտացի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահը, որ 2012-ին Արսենալէն տեղափոխուեցաւ մանչեսթըրեան ակումբ:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, 24 մրցումի ընթացքին Վան Փերսի նշանակած է 10 կոլ: