ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը` գլխաւորութեամբ Դաւիթ Թորոսեանի եւ Մանուէլ Գաբրիէլեանի, երկու շաբթուան ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ:
Գարնանային այս հաւաքին կը մասնակցին 28 կռփամարտիկներ, որոնք այս հաւաքին ընդմէջէն պիտի փորձեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները զօրացնել:
Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցող այս հաւաքը պիտի ըլլայ նախապատրաստական հանգրուան մը` մայիսին տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքերէն առաջ, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: