Ճափոնի «ՃԷՅ» 2-րդ լիկայի Եոքոհամայի 48-րդ տարեկան յառաջապահ Քազույոշի Միուրա Նազույոշի, ներկայ դրութեամբ աշխարհի ամէնէն տարիքոտ արհեստավարժ ֆութպոլիստն է:
Միուրա, Ժուպիլօ Իուաթայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 14-րդ վայրկեանին բացաւ հաշիւը, երբ գլխու հարուածով պարտութեան մատնեց մրցակիցին բերդին ուռկանը:
Նշենք, որ թէեւ անոր կազմը 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ, սակայն Իուաթա տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով: