Երէկ` չորեքշաբթի, 8 ապրիլին «Սփոր Էվազիոն», «Քաունթրի լոճ» համալիրին մէջ (Պսալիմ) մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 18-19 ապրիլին Ժամհուրի մէջ տեղի պիտի ունենան Պէյրութի 8-րդ մարզական խաղերը` 27 ընկերութիւններէ շուրջ երեք հազար երկսեռ մասնակցողներու միջեւ:
«Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ յայտարարեց, որ տարուէ տարի մասնակցող ընկերութիւններուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ, իսկ անոր զուգահեռ, խաղերուն թիւն ալ կ՛աւելնայ, որովհետեւ մասնակցողներուն մօտ զգալի կ՛ըլլայ այս խաղերուն լաւ արդիւնք արձանագրելով իրենց ընկերութեան անունը բարձր պահելու տրամադրութիւնը: