Ռուսիոյ Անապա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Նիքոլայ Փաւլիուքովի անուան կռփամարտի երիտասարդական միջազգային մրցաշարքին, Կարէն Աղամայեանի գլխաւորած Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը տիրացաւ երկու մետալի:
Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը, կը տեղեկացնէ ArmSport.am:
49 քկ դասակարգին մէջ Ալեն Դանիէլեան յաղթելով իր բոլոր մրցակիցներուն, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր սակայն պարտուեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչէն:
Պատուոյ պատուանդան բարձրացաւ նաեւ 64 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Արարատ Գիւլպանկեան, որ տիրացաւ պրոնզ մետալին: