Կազմակերպութեամբ Արտասահմանեան լրագրողներու միութեան եւ հովանաւորութեամբ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան, նախանցեալ օր Տինամօ մարզահամալիրին մէջ սկսաւ Հայաստանի մարզական ընկերութիւններու եւ լրագրողներու միջեւ մինի-ֆութպոլի 6-րդ մրցաշարքը:
Մրցաշարքին հանդիսաւոր բացման արարողութեան ընթացքին, մասնակցողներուն ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Արտասահմանեան լրագրողներու միութեան նախագահ Տիգրան Յովհաննիսեան եւ ուրիշներ, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին մասնակցողներուն:
Կարդացուեցաւ նաեւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի ուղերձը` մրցաշարքին մասնակցողներուն:
Ապա, պարային ելոյթ մը ունեցաւ Արաբկիր պարի խումբը:
Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին Հանրային պատկերասփիւռի կայանի (Հ1), «Չորրորդ իշխանութիւն» թերթի, «Աւետիս» պատկերասփիւռի կայանի, slag.am կայքի (Ա. խմբակ), Արտասահմանեան լրագրողներու միութեան, «Մետիամաքս»-ի, Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանի եւ News.am (Բ. խմբակ) խումբերը: