
PROFOTO
Շաբաթ, 4 ապրիլին սկսան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի (քառորդ աւարտական) մրցումները:
Շանվիլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մութթահետը, 91-88 արդիւնքով (21-14, 46-29, 68-65 եւ 91-88) յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մութթահետէն Փեթի Փերիշ նշանակեց 30 կէտ, մինչ Շանվիլէն նոյնքան կէտ նշանակեց Տեշաուն Սիմզ:
Ռիատի, որ հիւրընկալեց Հուփսը, իր կարգին 108-74 արդիւնքով (31-13, 55-33, 80-53 եւ 108-74) յաղթանակ արձանագրեց:
Ռիատիէն 20-ական կէտ նշանակեցին Ժերեմիահ Մասէյ, Ահմետ Իպրահիմ եւ Ֆատի Խաթիպ, իսկ Հուփսէն Թայրըն Նելսըն նշանակեց 24 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի քառորդ աւարտականին իրենց մասնակցութիւնը բերող մնացեալ չորս խումբերուն, անոնք իրենց մրցումները կը կատարեն ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 9 ԱՊՐԻԼ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Պիպլոս – Թատամոն | 17:00 | Ժիպէյլ |
Սաժես – ՀՄԸՄ | 17:00 | Ղազիր |