«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը, Սան Անթոնիօ Սփըրզի մարզիկները` Թոնի Փարքըր, Թիմ Տանքըն եւ Մանիւ Կինոպիլի, «Էն. Պի. Էյ.»-ի նոր մրցանիշ մը հաստատեցին:
Օքլահոմա Սիթիի դէմ տեղի ունեցած այդ մրցումին, Սփըրզի մեծ եռեակը նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ 730-րդ մրցումն ըլլալով անոնք երեքը միասնաբար դաշտ ներկայացան:
Անոնք այսպիսով գերազանցեցին Պոսթըն Սելթիքսի եռեակին` Լերի Պիոռտի, Ռոպըրթ Փերիշի եւ Քեւին Մաքհէյլի հաստատած մրցանիշը: Վերջին երեքը 1982-էն 1992 միասնաբար դաշտ ներկայացած էին 729 մրցումի, կը յայտնէ ArmSport.am: