Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 19 ապրիլին, տեղի պիտի ունենայ Շապապ Արապի - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը եւ կը ճակատի Ռիատի Պէյրութ - Անդրանիկ Պէյրութ յաղթականին դէմ: Նշենք,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 6 Կէտի Տարբերութեամբ Պարտուեցաւ Սաժեսէն. Այսօր` 4-րդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 6 Կէտի Տարբերութեամբ Պարտուեցաւ Սաժեսէն. Այսօր` 4-րդ Մրցումը

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես - ՀՄԸՄ երրորդ մրցումը: Նախքան մրցումին սկսիլը, Սաժեսի մարզիկները ծաղիկներ տուին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն` ի յարգանս Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին, ապա միասին լուսանկարուեցան իրենց ձեռքերով բռնած մեծ պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կարգախօսը` «Կը յիշեմ եւ կը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Տեղի Պիտի Ունենան Բաւական Հետաքրքրական Ճակատումներ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ: Անգլիոյ մէջ գագաթի ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ առաջին դիրքը գրաւող Չելսին եւ Մանչեսթըր Եունայթըտը (2-րդ): Նշենք, որ Անգլիոյ ախոյեանութեան զուգահեռ տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումները: Առաջինին (այսօր) իրարու դէմ կը մրցին Ռիտինկ եւ Արսենալ (ժամը` 19:20), իսկ երկրորդին (վաղը)`...

Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` 2-րդ Հանգրուանի Մրցումը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այսօր` շաբաթ, 18 ապրիլին, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի քարթինկի 2015-ի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումը: Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան չորս դասակարգի մրցումներ` 11-13, 13-15, 15 տարեկան եւ վեր, ինչպէս նաեւ` «Տի. Տի.-2»: Նշենք, որ այս 2-րդ հանգրուանը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:30-ին...

Տեփորթիւօ Արմենիան Իր Մրցումը Պիտի Կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Մարզաշապիկով

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Արժանթինի ֆութպոլի Գ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Տեփորթիւօ Արմենիա ակումբը, իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յատուկ մարզաշապիկով մը, նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Լուրը հրապարակող ակումբին պաշտօնական կայքը, կ՛աւելցնէ, որ ակումբին մարզիկները հանդէս պիտի գան նաեւ սեւ թեւակապերով` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» գրութեամբ: Նշենք, որ 2010-ին Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով ֆութպոլիստները դաշտ ներկայացած էին...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Աւստրիա

Երէկ` ուրբաթ, 17 ապրիլին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Աւստրիա մեկնեցաւ Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար մարզիչութեան յատուկ բանակումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ ըստ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած փրոթոքոլային համաձայնագիրին: Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ըստ կնքուած փրոթոքոլային համաձայնագիրին, այս տասը օրուան բանակավայրին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել միայն լեռնային ակումբներուն մաս կազմող մարզիկները: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Շապապ Պշարրէի...

Հայկական Ֆութպոլ. Աւարտական Մրցումը` Փիւնիկի Եւ Միքայի Միջեւ

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին, թէեւ Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ալաշկերտէն, սակայն ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Դարձի այս մրցումին Ալաշկերտի կոլը նշանակեց Արամ Բարեղամեան (22-րդ): Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ հանդիպումին, Միքա 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Բանանցի, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, թէեւ երթին 2-1 արդիւնքով...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Պատանի Ֆութպոլիստները Որակազրկեց 5 Տարիով

Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի` Արնար-98 - Արարատ-98 խումբերուն միջեւ մրցումը մնաց անաւարտ` ծեծկռտուքի պատճառով: Հանդիպումը, որ տեղի կ՛ունենար Իջեւանի «Արնար» մարզադաշտին վրայ, ընդհատուեցաւ, երբ Արարատ-98 3-0 արդիւնքով կը յառաջանար: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Արնար-98-ի ֆութպոլիստներ Արայիկ Սարդարեան, Ռաֆայէլ Մալխասեան եւ Դաւիթ Սարգսեան որակազրկուեցան 4-էն 5 մրցումով: Բայց ամէնէն ծանր պատիժներուն ենթարկուեցան Սերգօ Վարդապետեան եւ Վահէ Վանեսեան,...

Ոչ Եւս Է Ֆութպոլիստ Յարութիւն Քէհէեան

Հայկական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ 85 տարեկան հասակին, մահացաւ անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Յարութիւն Քէհէեան: Հրազդան մարզադաշտի սեփականատէր Աշոտ Աղապապեան, Յարութիւն Քէհէեանը նշանակած էր կառոյցի ցմահ տնօրէն: Ան 1949-էն 1971 հանդէս եկաւ Երեւանի Տինամոյին եւ Սպարտակին հետ, ապա` Արարատին հետ: Հետագային ան մաս կազմեց Արարատի մարզական յանձնախումբին: Ան վերջին տարիներուն Հրազդան մարզադաշտին տնօրէնն էր:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի` 66-54

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Արապին: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 66-54 արդիւնքով (8-11, 19-9, 20-17 եւ 19-17): ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այտա Պախոս (24), ապա յաջորդաբար` Սանտրա Նաժըմ (14), Նաթալի Սվաճեան (13), Լէյլա Ֆարես (7), Ալիք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ Այսօրուան Մրցումը` Ժամը 17:30-ին

Շանվիլ - Մութթահետ երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի (քառորդ աւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 17 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ Սաժես - ՀՄԸՄ 3-րդ մրցումը` Ղազիրի դաշտին վրայ: Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, սակայն նկատի ունենալով, որ անիկա ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն, անոր ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ: Ֆետերասիոնը իր մօտ արձանագրուած բոլոր մարզիկներուն արգիլեց առանց իր արտօնութեան որեւէ տեսակի անձնական մրցաշարքի մասնակցիլ: Յայտարարուեցաւ, որ երկու նոր ակումբներ` Քուրա Ռիատի - Ամիուն (Հիւսիսային նահանգ) եւ Ղատիր Ռիատի - Ժըպշիթ (Նապաթիէի նահանգ) միացան ֆետերասիոնին ընտանիքին` ամբողջացնելէ ետք իրենց օրինական փաստաթուղթերը: Ֆետերասիոնը բոլոր ակումբներուն տեղեկացուց, որ պարտաւոր են վճարել...

3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Հասաւ Կիսաւարտական

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am երէկ յայտնեց ըսելով, որ Սոչիի մէջ (Ռուսիա) կը շարունակուին «հայրենակիցներ» անունը կրող պատանեկան մարզական առաջին խաղերը: 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը` Արեգ Վաթեանի գլխաւորութեամբ, իր խմբակին մէջ գրաւելով 2-րդ դիրքը, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Ռուսիան ներկայացնող Սոչիի խումբին դէմ: Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները: Ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջնական դասաւորումը, որ ներկայացուց հետեւեալ պատկերը. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ 1.- Իժթիմահի 13 6 1 35 14 45 2.- Սաժես 11 5 4 41 26 38 3.- ՀՄԸՄ...

Կիրակի, 26 Ապրիլին.  3×3 Պասքեթպոլի Տղոց Եւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

Կիրակի, 26 Ապրիլին. 3×3 Պասքեթպոլի Տղոց Եւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 26 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ 3x3 պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը (տղոց եւ աղջկանց): Անիկա ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն: Այս ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Արեւմտեան Ասիոյ, Ասիոյ եւ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցողներուն անունները: Իւրաքանչիւր խումբի արձանագրութեան սակ ճշդուած է 50 ամերիկեան տոլար, մինչ մրցանակային ֆոնտ ճշդուած...

Այս Տարեշրջանին Աւարտէն Ետք Քլոփ Պիտի Հեռանայ Պորուսիա Տորթմունտէն

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Եիւրկըն Քլոփ, այս տարեշրջանին աւարտէն ետք պիտի հեռանայ խումբէն: Քլոփ, որ 2008-էն ի վեր Տորթմունտի մարզիչն է, իր կազմին հետ երկու անգամ տիրացած է ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ մէկ անգամ ալ հանդիսացած է Գերմանիոյ բաժակակիր:

Թենիս. «Ռոլան Կարոս»-ի Մրցանակային Ֆոնտը 3 Միլիոն Եւրոյով Աւելցաւ

Թենիսի կրան շլեմի տարուան 2-րդ միջազգային բաց մրցաշարքին` «Ռոլան Կարոս»-ի կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ այս տարուան մրցանակային ֆոնտը աւելցած է: Մարզիկները այս տարի պիտի խաղան 28 միլիոն եւրօ ստանալու համար, ինչ որ 3 միլիոնով աւելի է, քան նախորդ տարուան մրցանակային ֆոնտը: Անհատական մրցաշարքերու յաղթողները պիտի ստանան 1,800,000 եւրօ (150 հազար եւրօ աւելի` բաղդատած նախորդ տարուան), աւարտականին հասածները` 900 հազար եւրօ (75,000),...

Վարդան Մինասեան Պաշտօնանկ Եղաւ

Sports.kz ղազախական կայքը երէկ յայտնեց, որ Թոփոլի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան պաշտօնանկ եղաւ: Այս ուղղութեամբ ֆութպոլիստներուն փոխանցում կատարուեցաւ երէկ: 41 տարեկան Մինասեան, որ իր պաշտօնը ստանձնեց ապրիլ 2014-ին, այժմ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 8 կէտ ապահովելով կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի բացման մրցումին, այսօր` հինգշաբթի, 16 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շապապ Արապիի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը եւ կը մրցի Ռիատի Պէյրութ - Անդրանիկ...

Ծանրաբարձութիւն. Տիգրան Մարտիրոսեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 2015-ի ախոյեանութեան 77 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանը կը ներկայացնէին` Տիգրան Մարտիրոսեան եւ Անդրանիկ Կարապետեան: Երկամարտի մրցումներուն, Մարտիրոսեան բարձրացնելով 351 քկ (160 եւ 191), տիրացաւ ոսկի մետալին եւ բնականաբար հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Իսկ Կարապետեան, բարձրացնելով 350 քկ, իր կարգին բարձրացաւ փոտիում` տիրանալով պրոնզ մետալին, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:  

Page 1235 of 1275 1 … 1,234 1,235 1,236 … 1,275

Արխիւներ