
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի (քառորդ աւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 17 ապրիլին, տեղի կ՛ունենայ Սաժես – ՀՄԸՄ 3-րդ մրցումը` Ղազիրի դաշտին վրայ:
Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, սակայն նկատի ունենալով, որ անիկա ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն, անոր ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 17:30-ին:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:
Երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութ եւ Շանվիլ իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելով ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսը` 3-0 գերազանցելով իրենց մրցակիցները:
Ռիատի 79-61 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին, մինչ Շանվիլ` Մութթահետին, 115-112 արդիւնքով:
Մութթահետէն Տուարիք Սփենսըր նշանակեց 42 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, մինչ անոր խմբակից Փերիշ Փեթթի` 31 կէտ եւ 7 ռիպաունտ: