Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին, թէեւ Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ալաշկերտէն, սակայն ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Դարձի այս մրցումին Ալաշկերտի կոլը նշանակեց Արամ Բարեղամեան (22-րդ):
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ հանդիպումին, Միքա 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Բանանցի, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, թէեւ երթին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Բանանցէն:


