Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 19 ապրիլին, տեղի պիտի ունենայ Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը եւ կը ճակատի Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ յաղթականին դէմ:
Նշենք, որ վերջին երկուքին միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 22 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ռիատիի դաշտին վրայ:
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի մրցումը, ինչպէս ծանօթ է, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով:
Վաղուան մրցումին եւս կ՛ակնկալուի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրել` իրենց կողքին ունենալով իրենց համակիրները, որոնք ուղղուելով Մանարայի դաշտ, պիտի քաջալերեն իրենց խումբին համակիրները: