Իր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am երէկ յայտնեց ըսելով, որ Սոչիի մէջ (Ռուսիա) կը շարունակուին «հայրենակիցներ» անունը կրող պատանեկան մարզական առաջին խաղերը:
3×3 պասքեթպոլի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը` Արեգ Վաթեանի գլխաւորութեամբ, իր խմբակին մէջ գրաւելով 2-րդ դիրքը, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Ռուսիան ներկայացնող Սոչիի խումբին դէմ:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն Հայաստան պարտուեցաւ միայն Փաշքիրիոյ խումբէն: