Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի` Արնար-98 – Արարատ-98 խումբերուն միջեւ մրցումը մնաց անաւարտ` ծեծկռտուքի պատճառով:
Հանդիպումը, որ տեղի կ՛ունենար Իջեւանի «Արնար» մարզադաշտին վրայ, ընդհատուեցաւ, երբ Արարատ-98 3-0 արդիւնքով կը յառաջանար:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Արնար-98-ի ֆութպոլիստներ Արայիկ Սարդարեան, Ռաֆայէլ Մալխասեան եւ Դաւիթ Սարգսեան որակազրկուեցան 4-էն 5 մրցումով:
Բայց ամէնէն ծանր պատիժներուն ենթարկուեցան Սերգօ Վարդապետեան եւ Վահէ Վանեսեան, որոնք 5-ական տարիով որակազրկուեցան:
Ըստ ArmSport.am-ին, մասնաւորաբար Սերգօ Վարդապետեան նման պատիժի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ ան ինկած վիճակին մէջ հարուածած էր մրցակիցին գլխուն, որմէ ետք Արարատ-98-ի ֆութպոլիստը տեղափոխած էին հիւանդանոց:


