Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի բացման մրցումին, այսօր` հինգշաբթի, 16 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շապապ Արապիի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը եւ կը մրցի Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումին յաղթականին դէմ:
Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս այսօր եւ յաջորդող երկու մրցումներուն պէտք է արձանագրէ յաջորդական երեք յաղթանակ` ապահովելու համար աւարտականի իր տոմսը:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները: