«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Եիւրկըն Քլոփ, այս տարեշրջանին աւարտէն ետք պիտի հեռանայ խումբէն:
Քլոփ, որ 2008-էն ի վեր Տորթմունտի մարզիչն է, իր կազմին հետ երկու անգամ տիրացած է ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ մէկ անգամ ալ հանդիսացած է Գերմանիոյ բաժակակիր: