Երէկ` ուրբաթ, 17 ապրիլին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Աւստրիա մեկնեցաւ Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար մարզիչութեան յատուկ բանակումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ ըստ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած փրոթոքոլային համաձայնագիրին:
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ըստ կնքուած փրոթոքոլային համաձայնագիրին, այս տասը օրուան բանակավայրին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել միայն լեռնային ակումբներուն մաս կազմող մարզիկները:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Շապապ Պշարրէի նախագահ Էտմոն Քէյրուզ, իսկ մնացեալ մեկնողներն են` Սաննին Պաայնօ, Էլիաս Սալամէ, Ուալիտ Խալիլ, Նաաման Սալիպի (մարզիչներ), Ուալիտ Տահեր, Ժոզեֆ Ռահմէ, Ժամիլ Մհաննա, Չարլի Քէյրուզ, Նաամաթ Պաթիշ, Մարի Քէյրուզ եւ Ճէյտ Արիտա (մարզիկներ):
Նշենք, որ այս փորձերուն պիտի հսկէ եւ ներկայ գտնուի Աւստրիոյ ակադեմիային տնօրէնը` Հերպըրթ Մանտել: