Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Ֆետերասիոնը իր մօտ արձանագրուած բոլոր մարզիկներուն արգիլեց առանց իր արտօնութեան որեւէ տեսակի անձնական մրցաշարքի մասնակցիլ:
Յայտարարուեցաւ, որ երկու նոր ակումբներ` Քուրա Ռիատի – Ամիուն (Հիւսիսային նահանգ) եւ Ղատիր Ռիատի – Ժըպշիթ (Նապաթիէի նահանգ) միացան ֆետերասիոնին ընտանիքին` ամբողջացնելէ ետք իրենց օրինական փաստաթուղթերը:
Ֆետերասիոնը բոլոր ակումբներուն տեղեկացուց, որ պարտաւոր են վճարել իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները` նախքան Բ. դասակարգի (նահանգներու) ախոյեանութեան սկսիլը:
Յայտարարուեցաւ, որ 8-14 յունիսին` հսկողութեամբ փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, տեղի պիտի ունենան լիբանանցի մարզիչներու (աշխատող դասակարգի) Բ. կարգի դասընթացք-քննութիւններ: