Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 26 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ 3×3 պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը (տղոց եւ աղջկանց): Անիկա ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն:
Այս ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Արեւմտեան Ասիոյ, Ասիոյ եւ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցողներուն անունները:
Իւրաքանչիւր խումբի արձանագրութեան սակ ճշդուած է 50 ամերիկեան տոլար, մինչ մրցանակային ֆոնտ ճշդուած է 4 հազար ամերիկեան տոլար:
Այս ախոյեանութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ «Սլամ Տանք» եւ 3 կէտ նշանակելու մրցումներ:
Արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ), առաւելագոյնը մինչեւ երկուշաբթի, 20 ապրիլ:
Ախոյեանութեան մասնակցիլ փափաքողները կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 04-722023 եւ 04-722024: