Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը` Աշխարհի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Երէկ` երեքշաբթի, 28 ապրիլին, Ծաղկաձորի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի տղոց աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: Հայրենի կազմը իր կատարած վերջին մրցումին 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթելով Եգիպտոսի, 11 կէտ ապահովելով գրաւեց երրորդ դիրքը եւ բնականաբար տիրացաւ պրոնզ մետալին: Ախոյեան հանդիսացաւ Չինաստան (15 կէտով), իսկ փոխախոյեան` Ուքրանիա (12 կէտով): Նախապէս Հայաստան երեք անգամ տիրացած էր պրոնզ մետալին (1997,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հասաւ Աւարտականին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ 59-36 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ (15-8, 31-17, 42-22 եւ 59-36) եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անդրանիկ Պէյրութը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Անիկա աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Նշենք, որ առաջին մրցումին Ռիատի 67-22 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ երկրորդին` 60-42 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս երրորդ մրցումին...

Կռփամարտ. Վանես Մարտիրոսեան Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Քայլարշաւին

Վանես Մարտիրոսեան (աջին) ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ արհեստավարժ կռփամարտիկ, WBO-ի աշխարհի ախոյեանութեան նախկին թեկնածու Վանես Մարտիրոսեան մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քայլարշաւին: «Հպարտ եմ այս քայլարշաւին մասնակցելուս համար` հայ եղբայրներուս եւ քոյրերուս հետ: Այսօր կը յիշենք 1,5 միլիոն հայերը, որոնք սպաննուած են 100 տարի առաջ», ըսած է Մարտիրոսեան:

Համահայկական Խաղեր. 5 Քաղաքներու Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան 17 Մարզաձեւերու Խաղեր

Շաբաթասկիզբին տեղի ունեցաւ համահայկական խաղերու գործադիր կոմիտէին նիստը, զոր վարեց կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան: Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան: ArmSport.am կը հաղորդէ, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպչական շարք մը հարցեր, մասնաւորաբար` համահայկական 6-րդ խաղերուն կայացման վայրերուն շուրջ: Որոշուեցաւ, որ համահայկական խաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Ստեփանակերտի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Արտաշատի մէջ` 2-14 օգոստոսին: 17 մարզաձեւերուն...

Սարգիս Յովսէփեան` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչի Ժամանակաւոր Պաշտօնակատար

Սարգիս Յովսէփեան` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչի Ժամանակաւոր Պաշտօնակատար

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի որոշումով, Փիւնիկի եւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Նախապէս Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Յովսէփեան, որ 132 անգամ կրած է հաւաքականին շապիկը, հայկական ֆութպոլի պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատած է:  

«Չեմփիընզ Լիկ».  5-6 Մայիսին` Կիսաւարտականի  Երթի Մրցումները

«Չեմփիընզ Լիկ». 5-6 Մայիսին` Կիսաւարտականի Երթի Մրցումները

Նախորդ շաբաթավերջին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Առաջին մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պարսելոնա եւ Պայէրն Միւնիխ, իսկ երկրորդին` Եուվենթուս եւ Ռէալ Մատրիտ: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 5-6 մայիսին, իսկ դարձի մրցումները` 12-13 մայիսին: Աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պերլինի մէջ` 6 յունիսին:

Սպանացի Վարորդը Մրցասպարէզ Դուրս Եկաւ Անմոռուկով

Ներկայիս Գերմանիոյ Նիւրենպերկ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Փորշ Մոպայլ-1» ինքնաշարժի միջազգային մրցաշարքը: Սպանացի անուանի վարորդ Ալեքս Ռիպերաս, որ այս մրցաշարքին գլխաւոր թեկնածուներէն մէկն է, իր ինքնաշարժին փակցնել տուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին խորհրդանիշը` անմոռուկը, կը յայտնէ ArmSport.am: Անոր ինքնաշարժին այդ լուսանկարը տրամադրած է Պարսելոնայի մէջ բնակող հայ գործարար Արման Մայիլեան:  

Մարսէյի Համակիրներուն Պաստառը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Օլիմփիք Մարսէյ իր դաշտին` «Վելոտրոմ»-ի մէջ հիւրընկալեց Լորիանը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրող պարտութեամբ` 5-3 արդիւնքով: Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Մարսէյի համակիրները ցուցադրեցին պաստառ մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Մրցումէն ետք, Մարսէյի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կայէլ Անտոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց խումբին համակիրներուն:

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Գրաւեց 7-րդ Դիրքը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 19 ապրիլին, կեդրոնական Պէյրութի շրջանին մէջ (ճաշարան «Քարամնա»), տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ա. եւ Բ. դասակարգերու 18 խումբեր: 7 ռաունտերու վրայ երկարած այս ախոյեանութիւնը սկսաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Անիկա աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: 31 կէտ ապահովելով առաջին դիրքը գրաւեց Թանմիա, ապա անոր ետին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելով Շապապ Արապին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Անիկա պիտի մրցի Ռիատի Պէյրութ - Անդրանիկ Պէյրութ մրցումին յաղթականին դէմ: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր յաղթանակը արձանագրեց 55-47 արդիւնքով (12-16, 23-29, 37-40...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 11 յունիս 2015-էն սկսեալ, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը սկսի կատարել 2018-ի Մոնտիալի զտումի իր մրցումները` սկսելով Քուէյթէն: Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Է. խմբակին, իրենց մրցակից ունի նաեւ Հարաւային Քորէան, Միանմարը եւ Լաոսը: Յայտարարուեցաւ, որ 28 մայիսին Ամմանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Յորդանան - Լիբանան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ուրբաթ, 24 ապրիլին կը սիսին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները: Եօթը մրցումէ 4 յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Նշենք, որ կիսաւարտականի առաջին մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռիատի եւ Շանվիլ, իսկ երկրորդին` Սաժես եւ Պիպլոս: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ուրբաթ, 24 ապրիլ` Ռիատի - Շանվիլ 17:50 Մանարա Շաբաթ, 25 ապրիլ` Սաժես - Պիպլոս 21:30...

Փարիզ Սեն Ժերմենի Պատանի Ֆութպոլիստը` Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Մէջ

Փարիզ Սեն Ժերմենի Պատանի Ֆութպոլիստը` Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Մէջ

26 եւ 28 ապրիլին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ Ուզպեքիստանի իր հասակակից խումբին դէմ: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ: Նախապատրաստուելու համար այս մրցումներուն` Հայաստանի հաւաքականը 23-28 ապրիլին մարզական հաւաք պիտի կատարէ վերոնշեալ վայրին մէջ, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մարք Լելիեւր, որ հրապարակեց իր կազմը, նկատի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ջախջախեց Շապապ Արապին` 85-58 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Շապապ Արապի Մանարայի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ջախջախիչ յաղթանակով, որ 85-58 արդիւնքով (7-13, 22-28, 38-58 եւ 58-85) պարտութեան մատնելէ ետք իր մրցակիցը, 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ անոր վրայ: Երրորդ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի, 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես Ապահովեց «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Ապահովեց «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Իր Տոմսը

PROFOTO Շաբաթ, 18 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ - Սաժես 4-րդ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի` քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ: Սաժես կէտի մը տարբերութեամբ` 69-68 արդիւնքով (10-26, 33-39, 51-57 եւ 68-69) յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով ՀՄԸՄ-ը, ապահովեց «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը: Դաշտը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները.

- Մխիթարեան Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցման Հեղինակ - Չելսի - Մանչեսթըր Եունայթըտ` 1-0 Հենրիխ Մխիթարեան Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուած ճակատումներէն շատերը եղան բաւական հետաքրքրական: Սկսելով Գերմանիայէն` «Պունտըսլիկա»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պորուսիա Տորթմունտ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Փատերպոռնը: Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` 48-րդ վայրկեանին: Իր նշանակած...

ՀՄԸՄ Պէյրութ Մասնակցեցաւ Մարաթոնին

Կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին, ներքին ապահովութեան ուժերը կազմակերպած էին 21 քմ վազքի մրցում մը: Կէս մարաթոնը կը կատարուէր 8-րդ անգամն ըլլալով: Այս վազքի մրցումին հրաւիրուած էին նաեւ Արաբական երկիրներու ապահովութեան ուժերը ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը: Հիւրերուն հետ մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի մարզական ակումբներն ու բանակը: Կէս մարաթոնը կը հովանաւորէր ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս: Ներկայ էին արաբական երկիրներու դեսպաններ,...

Ռուբէն Հայրապետեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Շաբաթ, 18 ապրիլին, «Արմենիա-Մարիոթ» պանդոկին «Տիգրան մեծ» շքասրահին մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին 13-րդ ժողովը: Այս ժողովը հաշուետու ըլլալէն բացի, եղաւ նաեւ ընտրական: Նախքան իրենց աշխատանքներուն սկսիլը, ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը անցեալի ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Յարութիւն Քէհէեանին, որ նախանցեալ ուրբաթ մահացած էր: Ապա անոնք սկսան օրակարգին վրայ եղող հարցերուն քննարկումին: Իր խօսքին մէջ, ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան...

Սամպօ. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Տիրացան 4 Մետալի

Նախորդ շաբաթավերջին Սերպիոյ մէջ սկսան Եւրոպայի սամպոյի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումները: Մրցաշարքին առաջին օրը, Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն չորսը տիրացան մետալի: Վոլոդիա Սարգսեան (62 քկ) եւ Միշա Նազարեան (82 քկ) տիրացան արծաթ մետալի, իսկ Դանիէլ Գաբրիէլեան (60 քկ, պատանեկան) եւ Արման Նիազեան (48 քկ)` պրոնզ մետալի: Պարգեւատրման ընթացքին տեղի ունեցաւ զաւեշտալի դէպք մը, կը յայտնէ ArmSport.am: Երիտասարդներու, 62 քկ դասակարգի...

Մահճուբեան Ներկայացուցած Է  Տաւութօղլուի  Խորհրդականի Պաշտօնէն  Արձակուելու Պատճառները

Մահճուբեան Ներկայացուցած Է Տաւութօղլուի Խորհրդականի Պաշտօնէն Արձակուելու Պատճառները

Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն վերջերս արձակուած Էթիեն Մահճուբեան թրքական «Ռեսմի կազեթէ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է արձակման պատճառներուն` հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ ատոր պատճառը Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւններն են: «Պաշտօնական հոլովոյթ էր` տարիքով պայմանաւորուած, պէտք էր թոշակի անցնէի», ըսած է Մահճուբեան` նշելով, որ հակառակ անոր, որ ինքը կ՛ըսէ, որ 1915-ին ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, սակայն «հայերը, հակառակ...

Page 1234 of 1275 1 … 1,233 1,234 1,235 … 1,275

Արխիւներ