ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Արժանթինի ֆութպոլի Գ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Տեփորթիւօ Արմենիա ակումբը, իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յատուկ մարզաշապիկով մը, նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Լուրը հրապարակող ակումբին պաշտօնական կայքը, կ՛աւելցնէ, որ ակումբին մարզիկները հանդէս պիտի գան նաեւ սեւ թեւակապերով` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» գրութեամբ:
Նշենք, որ 2010-ին Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով ֆութպոլիստները դաշտ ներկայացած էին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մարզաշապիկներով:
Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Տեփորթիւօ Արմենիա ակումբը հիմնուած է 1962-ին` Արժանթինի մէջ: