Մարզական

Եթէ Ա. Սէ. Միլան Իր Պայմանագիրը Խզէ. Ինցակի Պիտի Ստանայ 300 Հազար Եւրօ

«Կազեթթա Տելլա Սփոր» կը հաղորդէ, որ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ Ֆիլիփօ Ինցակի իր ակումբէն 300 հազար եւրօ պիտի ստանայ, եթէ իտալական խումբը որոշէ իր պայմանագրութիւնը խզել Ինցակիի հետ: Ինցակի, որ 2014-էն ի վեր Ա. Սէ. Միլանի մարզիչն է, «Քալչիօ»-ի 2014-2015 տարեշրջանը աւարտեց 10-րդ ոչ այդքան լաւ դիրքին վրայ: Նշենք, որ իտալական եւ միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, հաւանաբար Սինիսա Միհայլովիչ փոխարինէ...

«Քոփա Ամերիքա».  Պրազիլ Պարտուեցաւ Քոլոմպիայէն (1-0). Կարմիր Քարտ Ստացած Նէյմար 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ

«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլ Պարտուեցաւ Քոլոմպիայէն (1-0). Կարմիր Քարտ Ստացած Նէյմար 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Պրազիլ - Քոլոմպիա մրցումէն Քոլոմպիոյ կոլը նշանակած Խէյսոն Մուրիլլօ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ եւ խմբապետ Նէյմար, որ Քոլոմպիոյ դէմ տեղի ունեցած «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կարմիր քարտ մը ստացաւ, 2 մրցումով կախակայուեցաւ: 23 տարեկան Նէյմար մրցումին աւարտէն ետք վիճաբանեցաւ մրցակից կազմին յառաջապահ Քարլոս Պաքքայի հետ, եւ երկուքն ալ կարմիր քարտ ստացան: Մրցումին աւարտը ազդարարող սուլիչէն ետք Նէյմար գնդակով հարուածեց...

Եւրոպական Խաղեր. Պիելոռուս Եւ Վրացի Ըմբիշները Որակազրկուեցան

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերուն, ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն պատահեցաւ փոքր միջադէպ մը, որուն պատճառով երկու ըմբիշներ որակազրկուեցան: Խաղերուն պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ 57 քկ դասակարգին մէջ Վլատիսլաւ Անտրիեւ (Պիելոռուսիա) - Վլատիմիր Խինչեկաշվիլի (Վրաստան) քառորդ աւարտականի ճակատումին ընթացքին սկսաւ ծեծկռտուք մը` երկու ըմբիշներուն պատճառով: Արագ որոշումով մը...

Վիտալ Ինքնաշարժ Վարելու Իրաւունքէն 120 Օր Զրկուեցաւ

Ինչպէս «Ազդակ»-ի երէկուան թիւին մարզական էջով հաղորդեցինք, Եուվենթուսի եւ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ նախանցեալ օր ունեցաւ ինքնաշարժի բաւական ծանր արկած մը: Ներկայիս կ՛ըսուի, որ ան ուղղուելով տեղւոյն դատարաններէն մէկը, հարցաքննուեցաւ եւ աւարտին ստացաւ պատիժ մը: Թէեւ անոր արգիլուեցաւ 120 օր ինքնաշարժ վարել, սակայն կ՛ըսուի, որ անոր ստացած այդ պատիժը կրնայ աւելի խիստ ըլլալ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ...

Փինկ Փոնկ. 13 Լիբանանցի Մարզիչներ Բ. Կարգի Քննութիւններուն Յաջողեցան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ատապ Ուալ Ռիատա (Քֆարշիմա) ակումբին մէջ տեղի ունեցան մարզիչի յատուկ քննութիւններ` ներկայութեամբ միջազգային հսկիչ Ահմետ Տուլաթլիի: Քննութիւններուն մասնակցած 17 անձերէն յաջողեցան հետեւեալ 13-ը. Ալի Հայտար Ահմետ, Մոհամետ Եունես Ռիֆահի, Մուսթաֆա Տաքտուքի, Քամիլ Մըրհեպ, Մորիս Էլիաս, Քրիսթիան Ղոշ, Եամեն Տանտալ, Մալեք Թաուիլ, Մոհամետ Պաննութ, Ռիթա Պըսէյպես, Մոհամետ Սալեհ Ռիֆահի, Ահմետ Հիւսէյն Հարպ եւ Ուսամա...

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Ցարդ Կը Մնան Առանց Մետալի

Պաքուի մէջ շարունակուող եւրոպական առաջին խաղերուն ծիրին մէջ, 17 յունիսին սկսան ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումները: Մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները` Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ), Դաւիթ Սաֆարեան (65 քկ) եւ Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ): Թէեւ Գարիկ Բարսեղեան 1-8-րդ հանգրուանին յաղթեց Վլատիմիր Տուպովի (Պուլկարիա), սակայն քառորդ աւարտականին պարտուելով Եաշար Ալիեւէն (Ազրպէյճան), դուրս մնաց հետագայ պայքարէն: Առանց մետալի մնացին նաեւ Դաւիթ Սաֆարեան...

Հայ Մարզիկը Ոսկի Մետալի Տիրացած Է Պաքուի Մէջ

Գիւմրեցի Սեդա Թութխալեան, որ մաս կը կազմէ մարմնամարզութեան կիներու Ռուսիոյ հաւաքականին, դարձած է Պաքուի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական մարզական խաղերու խմբային ախոյեան: Ռուսիոյ եռեակը հաւաքած է 116,897 միաւոր` շրջանցելով Գերմանիան (110,397) եւ Հոլանտան (110,099): Ռուսիոյ հաւաքականին մաս կը կազմէին նաեւ Վիքթորիա Քոմովա եւ Ալիյա Մուսթաֆինա: 15-ամեայ Սեդա Թութխալեան 2015-ի պատանեկան ողիմպիականի ախոյեան է: Ան սամպոյի աշխարհի եւ Հայաստանի եռակի ախոյեան...

Ճատրակ.  Կապուզեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Պուլկարիոյ Մէջ

Ճատրակ. Կապուզեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Պուլկարիոյ Մէջ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ «Կոլտըն Սենտ»-ի մէջ (Պուլկարիա) աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, հայրենի կրանտմասթըր Յովհաննէս Կապուզեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով 1-2 դիրքը բաժնեց կրանտմասթըր Վիթալիյ Պերնածքիի հետ (Ուքրանիա): Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով Կապուզեանին շնորհուեցաւ երկրորդ մրցանակը: Կրանտմասթըր Տիգրան Լ. Պետրոսեան մրցաշարքը աւարտեց 6 կէտով: Միւս կողմէ, Armchess.am նաեւ հաղորդեց, որ 16-24 յունիսին Ջերմուկի մէջ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Հանդիսացաւ Ախոյեան` 40 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին, երբ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, աւարտականին իր կատարած 6-րդ մրցումին, 105-97 արդիւնքով յաղթեց Քլիվլենտ Քաւալիրզին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ուորիըրզ 40 տարուան երկար սպասումէ մը ետք հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան` 4-2 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը: Նշենք, որ այդ վեց ճակատումներուն արդիւնքները հետեւեալներն են. Քլիվլենտ Քաւալիրզ - Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ...

Հայկական Ֆութպոլ. Պետրոսեան Եւ Բարսեղեան Տեղափոխուեցան Գանձասար Կապան

Միքա Երեւանի 29 տարեկան խմբապետ, միջնապահ Արմէն Պետրոսեան, ինչպէս նաեւ անոր խմբակից, 21 տարեկան յետսապահ Տիգրան Բարսեղեան, յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմեն Գանձասար Կապանի, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ Պետրոսեան նախապէս մաս կազմած է Գանձասարի: ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտէն ետք Միքայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը մտադիր չէ յաջորդ տարեշրջանին հանդէս գալ Ա. դասակարգին մէջ: Այդ...

Ինքնաշարժի Արկածի Մը Ենթարկուելով`. Վիտալ Փոխադրուեցաւ Հիւանդանոց

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արթուրօ Վիտալ ինքնաշարժի արկածի մը ենթարկուելով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Տեղական մամուլը յայտնեց, որ Վիտալի «Ֆեռարի»-ի մեծապէս վնասուած է հարաւային Սանթիակոյի մէջ տեղի ունեցած այդ արկածին պատճառով: Նշենք, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցող Վիտալ իր խմբակիցներուն նման յետմիջօրէի կարճ արձակուրդ մը առած էր: Երէկ ի...

Հայկական Ֆութպոլ. Արտակ Օսէեան Երիտասարդական Հաւաքականին Հետ Իր Նորամուտը Պարտութեամբ Նշած 7-րդ Մարզիչն Է

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը 2017-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին սկսաւ Ռումանիայէն 3-0 արդիւնքով կրած պարտութեամբ: ArmSport.am հաղորդեց, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչին` Արտակ Օսէեանի նորամուտը անյաջող եղաւ: Օսէեան, որ հաւաքականը գլխաւորած 12-րդ մարզիչն էր, եղաւ 7-րդը, որ իր նորամուտը պարտութեամբ կը նշէր: Նախապէս, նման ճակատագիրի ենթարկուած էին Յովհաննէս Զանազանեան, Սամուէլ Պետրոսեան, Արմէն Կիւլպուտաղեանց, Վարդան Մինասեան, Ֆլեմինկ...

«Քոփա Ամերիքա».  Ակուերոյի Կոլը Յաղթանակ Մը Ապահովեց Արժանթինի. Ժամայքայի Բերդապահին Աններելի Սխալը

«Քոփա Ամերիքա». Ակուերոյի Կոլը Յաղթանակ Մը Ապահովեց Արժանթինի. Ժամայքայի Բերդապահին Աններելի Սխալը

Սերճիօ Ակուերօ Տուայնէ Քերր «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու մրցումներ: Արժանթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկ Սերճիօ Ակուերօ գլխու սքանչելի կոլով մը պարտութեան մատնեց Ուրուկուէյի բերդապահ Ֆեռնանտօ Մուսլերան` 57-րդ վայրկեանին: Մրցումին սկսելէն հազիւ կէս ժամ ետք, Արժանթինի մարզիչ Կերարտօ Մարթինօ կարմիր քարտ մը ստանալով ուղղուեցաւ դէպի թրիպիւն` վիճաբանելէ...

2018-ի Մոնտիալ. Լիբանան Ապահովեց Մրցաշարքի Իր Առաջին 3 Կէտը

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Է. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ երէկ կատարեց զտումի իր երկրորդ մրցումը, յաջողեցաւ ապահովել մրցաշարքի իր առաջին երեք կէտը, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Լաոսի` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Լիբանանի կոլերը նշանակեցին Մոհամետ Ղատտար (6-րդ) եւ Ֆայեզ Շամսին (75-րդ): Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին...

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Ճամբու Ախոյեանութիւն. Էլիաս Ապու Ռաշիտ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2015-ի ճամբու ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 19 մարզիկներու, որոնք մաս կը կազմէին ֆետերասիոնին անդամակցած 8 միութիւններ: Ախոյեանութեան ազդանշանը տրուեցաւ Թապարժայէն, ապա մարզիկները ուղղուեցան դէպի Շեքքա, այնուհետեւ վերադառնալով Պաթրուն (4 անգամով), որմէ ետք ժամանման գիծը եղաւ Ֆիտար-Ժիպէյլ (ընդամէնը` 138 քմ): Առաջին դիրքը գրաւեց եւ ախոյեան հանդիսացաւ Աթլեթիքօ Պէյրութի մաս կազմող Էլիաս Ապու Ռաշիտ: Ստորեւ...

Հայ Ըմբիշը Պաքուի Մէջ Ոսկի Մետալի Տիրացաւ

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերուն, Ռուսիան ներկայացնող Ստեփան Մարիանեան տիրացաւ ոսկի մետալի` յունա-հռոմէական ոճի ըմբշամարտի 59 քկ դասակարգին մէջ Աւարտականին հայ ըմբիշը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սոսլան Տաուրովին (Պիելոռուսիա): Նշենք, որ Մարիանեան կիսաւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի Էլմար Մուխթարովին, իսկ քառորդ աւարտականին` Ռոման Ամոյեանին, որ ձախողեցաւ պրոնզ մետալին տիրանալ իր մղած պայքարին մէջ:  

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու Հրաչիկ Բաբայեան Գրաւեց 5-րդ Դիրքը

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերուն, հրացանաձգութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան 10 մեթրի աւարտական մրցումները: Վերջին հանգրուանին 8 անձերու պայքարին մէջ էր Հրաչիկ Բաբայեան, որ ապահովելով 143,3 կէտ, վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը: Հակառակ 5-րդ դիրքը գրաւելուն, Բաբայեան յաջողեցաւ ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը ապահովել, որովհետեւ աւարտական հանգրուանին հասած էր, կը յայտնէ ArmSport.am:

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի-Մեքսիքա` 3-3 Եւ Էքուատոր-Պոլիվիա` 2-3

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մէջ տեղի ունեցան 2 ճակատումներ: Բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Չիլի, 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, երկու անգամ մէկ կոլի տարբերութեամբ ուշանալէ ետք: Արթուրօ Վիտալ նշանակեց Չիլիի 2 կոլեր (22-րդ եւ 54-րդ)` փենալթիով), իսկ երրորդ կոլը` Էտուարտօ Վարկաս (42-րդ): Մեքսիքայի կոլերը նշանակեցին Մաթիաս Վուսօ (20-րդ եւ 65-րդ) եւ...

Եուրօ-2017. Հայաստան 3-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ռումանիայէն

Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքականը երէկ կատարեց եուրօ-2017-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը` Ռումանիոյ դէմ: Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Ե. խմբակին, իրեն մրցակից ունի նաեւ Կալեսը, Դանիան, Լիւքսամպուրկը եւ Պուլկարիան: Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռումանիոյ յաղթանակով, 3-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ճորճ Փուշքաշ (16-րդ), Քոնսթանթին Փաուն (32-րդ) եւ Ֆլորին Թանասէ (90-րդ): Նշենք,...

Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Դասաւորում. Հայաստան Մնաց 37-րդ Դիրքին Վրայ

Իր լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Փորթուգալէն իր կրած պարտութենէն ետք ընդհանուր դասաւորման մէջ մնաց 37-րդ դիրքին վրայ: Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Փորթուգալ` 5-րդ, Դանիա` 18-րդ, Ալպանիա` 32-րդ եւ Սերպիա` 33-րդ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի...

Page 1218 of 1275 1 … 1,217 1,218 1,219 … 1,275

Արխիւներ